image

Թրամփ յայտարարած է, որ պատրաստ է Հարիսի հետ բանավէճի

Թրամփ յայտարարած է, որ պատրաստ է Հարիսի հետ բանավէճի


ԱՄՆ նախկին նախագահ Տոնալտ Թրամփ յայտարարած է, որ պատրաստ է նախընտրական բանավէճի փոխնախագահ Քամալա Հարիսի հետ:

 

«Հաւանաբար, բանավէճը տեղի կ’ունենայ, բայց ես կրնամ  նաեւ ապացոյցներ բերել անոր դէմ»,- ըսած է Թրամփ Fox News-ի հետ հարցազրոյցի մը ընթացքին: Թրամփ նաեւ քննադատած է Հարիսին, նշելով՝ «Ան կը կործանէ մեր երկիրը»:

 

Աւելի կանուխ Թրամփի նախընտրական կազմը յայտարարած էր, որ Հարիսի հետ բանավէճի մանրամասնութիւնները չեն կրնար վերջնականացնել, մինչեւ դեմոկրատական կուսակցութիւնը պաշտօնապէս  իր նախագահի  թեկնածուն չնշանակէ: Փոխնախագահ Հարիսի նախընտրական կազմը կարծիք յայտնած էր, որ նախկին նախագահը կը վախնայ բանավէճի մասնակցիլ դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահի հաւանական թեկնածուի դէմ ։