ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփ յայտարարած է, որ նամակ յղած է Իրանի գերագոյն հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամենէիին, առաջարկած նոր համաձայնագիր կնքել:
Նոր համաձայնագրի նպատակը, ըստ Թրամփի, Իրանի արագ զարգացող միջուկային ծրագիրը սահմանափակելն է եւ փոխարինելը՝ այն համաձայնագիրով, որմէ Միացեալ Նահանգները դուրս եկած է Թրամփի առաջին նախագահական ժամկէտի ընթացքին:
«Մենք Իրանի հետ այնպիսի իրավիճի մէջ ենք, որ շատ շուտով որոշ բան մը տեղի պիտի ունենայ: Մենք պէտք է պատրաստ ըլլանք ատոր: Շատ, շատ շուտով: Յոյսով եմ, որ մենք կը կարողանանք խաղաղութեան համաձայնագիր կնքել, քանի որ չենք կրնար թոյլ տալ, որ եւս մէկ երկիր միջուկային զէնք ունենայ: Ես չեմ խօսիր ուժի կամ թուլութեան մասին։ Ես պարզապէս կ՚ըսեմ, որ կը նախընտրէի խաղաղութեան համաձայնագիրը, քան միւս տարբերակը։ Բայց միւսը կը լուծէ խնդիրը»,- ըսած է ԱՄՆ նախագահը։
ՄԱԿ-ի մէջ Իրանի մշտական ներկայացուցչութենէն յայտարարած են, որ Թեհրանը չէ ստացած ԱՄՆ նախագահ Տանըլտ Թրամփի նամակը: Իրանի արտաքին գործոց նախարարութենէն ալ ընդգծած են՝ Թեհրանը չի բանակցիր ԱՄՆ-ի հետ մինչեւ պատժամիջոցներու վերացումը: