image

Թրամփ-Հարիս բանավէճի ընթացքին Հարիս յարեց՝ «Եթէ Թրամփը նախագահ ըլլար Փութին Քիեւ հասած պիտի ըլլար»

Թրամփ-Հարիս բանավէճի ընթացքին Հարիս յարեց՝ «Եթէ Թրամփը նախագահ ըլլար Փութին Քիեւ հասած պիտի ըլլար»

Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութին Քիեւ նստած կ'ըլլար, եթէ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու նախագահը Տանըլտ Թրամփը ըլլար. նման պնդմամբ հանդէս եկած է Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու փոխնախագահ, Դեմոկրատական կուսակցութեան նախագահի թեկնածու Քամալա Հարիս երեքշաբթի երեկոյեան Թրամփի հետ առաջին հեռատեսիլային բանավէճի ժամանակ, գրած է thehill.com:

Ան քննադատած է նախկին նախագահը ըսելով, որ «Փութին անոր ընկերն է» եւ «Լանջին (ճաշին) կ'ուտէր» Թրամփը, եթէ ան նախագահ ըլլար:

Հարիսի համոզմամբ՝ «Քիեւ գրաւելէն յետոյ, Փութին հայեացքը պիտի յառէր դէպի Լեհաստան»:

«Ինչո՞ւ այստեղ՝ Փենսիլվանիայի մէջ բնակող 800,000 լեհ ամերիկացիներուն չէք ըսեր, թէ որքան արագ կը յանձնուէիք յանուն լաւութեան եւ ձեր կարծիքով՝ ընկերութեան՝ մէկուն հետ, որ յայտնի է որպէս բռնապետ, որ ճաշին ձեզի կ'ուտէր», - ըսած է դեմոկրատականը:

Թրամփն ու Հարիս վիճաբանած են ուքրանական պատերազմի շուրջ։ Թրամփ կրկնած է իր պնդումը, որ կ'աւարտէ պատերազմը նախքան պաշտօնը ստանձնելը։ Ընդ որում, ան բազմիցս հրաժարած է ըսելէ, թէ արդեօք կը ցանկայ, որ Ուքրանիան յաղթէ պատերազմին:

«Ես կ'ուզեմ կարգաւորել պատերազմը... Ես այն կը կարգաւորեմ նոյնիսկ նախքան նախագահ դառնալը»,- ըսած է ան՝ պնդելով, որ թէ՛ Փութինը եւ թէ՛ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքին կը յարգեն զինք։

Հարիսն ըսած է, որ Թրամփ պարզապէս «կը հրաժարի Ուքրանիայէն», որ վերջ դնէ պատերազմին:

«Եթէ Տանըլտ Թրամփ ըլլար նախագահ, Փութինը հիմա իսկ նստած կ'ըլլար Քիեւի մէջ», - ընդգծած է Հարիս:

Թրամփ մեղադրած է Հարիսն ու նախագահ  Ճօ Պայտընը Ռուսիոյ հետ բանակցութիւններ չվարելու համար: