Թեհրանի մէջ ցուցարարներն այրած են Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդի շէնքը, յայտնած են իրանական թելեկրամեան ալիքները:
Երէկ Իրանի Ֆարտիս քաղաքին մէջ բախումներ տեղի ունեցած են բողոքի ցուցարարներու եւ Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդ ուժերու ու անվտանգութեան ուժերու միջամտութեան ժամանակ։ Կան զոհեր եւ վիրաւորներ։
Tasnim-ի տուեալներով՝ ցուցարարները ծեծելով սպանած են Իսլամական յեղափոխութեան պահակագունդ սպայ:
Զոհերու եւ վիրաւորներու ճշգրիտ թիւը դեռ անյայտ է։