image

«Թալեպաններ»էն կը փախչին... ամերիկեան ապրանքատար օդանաւերով

«Թալեպաններ»էն կը փախչին... ամերիկեան ապրանքատար օդանաւերով
Համացանցի մէջ տարածուած է ուշագրաւ լուսանկար, որուն մէջ կ'երեւան հարիւրաւոր աֆղանիստանցի փախստականներ՝ ամերիկեան բեռնափոխադրող օդանաւի սրահին մէջ, գրած է Daily Mail-ը՝ մանրամասնելով, որ այս մարդիկ փախած են «Թալեպան» արմատական շարժման զինեալներէն, որոնք կիրակի մտած են մայրաքաղաք Քապուլ եւ վերահսկողութիւն հաստատած երկրի վրայ:
 
Պարբերականը նկատած է, որ այս ընթացքին ԱՄՆ-ն առնուազն երկու C-17 բեռնափոխադրողի թռիչք իրականացուցած է Քապուլէն, ուր իսկական քաոս հաստատուած է:
 
Կիրակի եղած է առաջին թռիչքը, երբ ԱՄՆ ռազմաօդային ուժերու C-17-ը Քապուլէն թռած է դէպի Քաթար: Մինչ այն կը պատրաստուէր թռիչքի, Աֆղանիստանի  հարիւրաւոր սարսափահար քաղաքացիներ վազած են դէպի ինքնաթիռը, թեքահարթակով բարձրացած եւ տեղաւորուած անոր մէջ:
 
Defense One-ի ձեռք բերած լուսանկարը ցոյց կու տայ, որ անոնք բոլորը նստած են ինքնաթիռի յատակին, որ յարմարեցուած է 150 զինուոր հարմարաւէտ տեղափոխելու համար, բայց կրնայ տանիլ 171 000 ֆունտ բեռ: Այդ պահուն ինքնաթիռին մէջ ուղեւորներու ստոյգ թիւը եղած է 640, այդ շարքին՝ բազմաթիւ կանայք եւ երեխաներ:
 
«Թալեպան»-ի զինեալները 15 Օօգոստսին առանց մարտի մտած են Քապուլ եւ քանի մը ժամուան ընթացքին լիակատար վերահսկողութիւն հաստատած Աֆղանիստանի մայրաքաղաքի նկատմամբ: Աֆղանիստանի նախագահ Աշրաֆ Ղանին յայտնած Է, որ վար դրած է լիազօրութիւնները՝ արիւնահեղութիւն թոյլ չտալու համար եւ հեռացած է երկրէն: