image

Թագուհիի դիակը փոխադրուած է Էտինպըրկ (Լուսանկարներ)

Թագուհիի դիակը փոխադրուած է Էտինպըրկ (Լուսանկարներ)

Մեծ Բրիտանիոյ մահացած Եղիսաբեթ Երկրորդ թագուհիի դիակը պարունակող դագաղը տեղափոխուած է Էտինպըրկի Հոլիրուտ պալատ։

Ինչպէս կ'երեւայ Sky News-ի հեռարձակումէն, դիակառքը դիմաւորած են Շոթլանտայի թագաւորական գունդի անդամները:

Կիրակի առաւօտեան եօթ մեքենաներէ բաղկացած մեքենաներու շարասիւնը լքած է Պալմորալ ամրոցը, ուր Նորին Մեծութիւնը մահացած է 8 սեպտեմբերին: Շարասիւնը կտրելով 170 քիլոմեթրանոց ճանապարհը՝ հասած է Հոլիրուտ պալատ:

Ամբողջ երթուղիի ընթացքին, որ տեւած է մօտ վեց ժամ, շարասիւնը դիմաւորած են Շոթլանտայի հազարաւոր բնակիչներ, որոնք որոշած են այդպիսով յայտնել իրենց երախտագիտութիւնը Եղիսաբեթ II-ին իր ծառայութեան համար։

Էտինպըրկ ժամանելուն պէս թագուհիի դագաղը, որ ծածկուած էր Շոթլանտայի թագաւորական դրօշով եւ միապետի սիրելի ծաղիկներով պատրաստուած ծաղկեպսակով, բերուած է Հոլիրուտ պալատի գահասենեակ, ուր այն պիտի մնայ մինչեւ 12 սեպտեմբեր։ Այսպիսով, նստավայրի անձնակազմը նոյնպէս պիտի կարողանայ հրաժեշտ տալ Նորին Մեծութեան, ինչպէս աւելի վաղ ըրած էին Պալմորալ ամրոցի թագաւորական արքունիքի ծառաները։