ՀԱԿ մամլոյ խօսնակ Արման Մուսինեան ֆէյսպուքեան էջին մէջ գրած է, որ ՀՀ առաջին նախագահ Լեւոն Տէր Պետրոսեան իր առանձնատան մէջ հանդիպած է Հայաստանի մէջ Ռուսաստանի Դաշնութեան արտակարգ եւ լիազոր դեսպան Սերկէյ Քոփիրքինի հետ:
Հանդիպման ընթացքին տեղի ունեցած է միտքերու փոխանակութիւն՝ տարածաշրջանային անվտանգութեան եւ համագործակցութեան հեռանկարներու շուրջ: