Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը երեքշաբթի՝ 11 յուլիսին, Վիլնիուսի մէջ հանդիպած է իր ֆրանսացի գործընկեր Էմանուէլ Մաքրոնի հետ։ Պետութիւններու ղեկավարներու հանդիպումը տեղի ունեցած է ՆԱԹՕ-ի երկօրեայ գագաթնաժողովի շրջածիրէն ներս, յայտնած է Anadolu-ն։
Այսօր մեկնարկած է ՆԱԹՕ-ի երկօրեայ գագաթնաժողովը։ 2022 թուականի 30 սեպտեմբերին Զելենսքին դիմած էր արագացուած կարգով Ուքրանիոյ՝ դաշինք մտնելու խնդրանքով։ Կ'ակնկալուի, որ այս թեման առանցքային կ'ըլլայ յառաջիկայ գագաթնաժողովին։