image

«Ճնշումներ կան Երեւանի վրայ». Չաւուշօղլու

«Ճնշումներ կան Երեւանի վրայ». Չաւուշօղլու

Ճնշումները  Երեւանին թոյլ չեն տար համարձակ քայլերու ձեռնարկելու կարգաւորման ուղղութեամբ: Մենք պատրաստ ենք կառուցողական երկխօսութեան: Տարածաշրջանը երկարաժամկէտ խաղաղութեան կարիք ունի:

 

Թուրքիոյ եւ Հայաստանի յարաբերութիւններու կարգաւորման ճանապարհին գլխաւոր խնդիրը Երեւանի իշխանութիւններուն վրայ ճնշումներն են: Այս մասին յայտարարած է Թուրքիոյ արտաքին գործոց նախարար Մեւլութ Չաւուշօղլու: 

Անոր խօսքով` պաշտօնական Անգարան կողմ է Երեւանի հետ երկխօսութիւնը շարունակելուն եւ պատրաստ է աստիճանաբար յառաջ տանելու այդ գործընթացը:

«Հայաստանի մէջ ծայրայեղական խմբաւորումները կը յարձակին վարչապետին տան վրայ` լուրջ ճնշում գործադրելով, սա խոչընդոտ կը ստեղծէ Հայաստանի համար համարձակ քայլի երթալու համար. յարաբերութիւններու կարգաւորման ուղղութեամբ` ինչպէս Ատրպյճանի, այնպէս ալ Թուրքիոյ հետ: Ճնշումները  Երեւանին թոյլ չեն տար համարձակ քայլերու ձեռնարկելու կարգաւորման ուղղութեամբ: Մենք պատրաստ ենք կառուցողական երկխօսութեան: Տարածաշրջանը երկարաժամկէտ խաղաղութեան կարիք ունի», ընդգծած է թուրք նախարարը:

Չաւուշօղլուն նաեւ հռետորական հարց յղած է. «Ինչո՞ւ կարգաւորման բանակցութիւններու հերթական փուլը չանցընել Թուրքիոյ կամ Հայաստանի մէջ: Երեւանը դեռ պատրաստ չէ անոր: Նմանատիպ հանդիպումներ հնարաւոր են ապագային», յաւելած է թրքական դիւանագիտութեան ղեկավարը:

Չաւուշօղլուն նշած է, որ Թուրքիա նաեւ կ'աջակցի Ատրպէյճանի եւ Հայաստանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորման գործընթացին: