ՏաՃիկստանն առաւօտեան ականանետերէ կրակ բացած է Ղրղզստանի Պաթքէնի շրջանի սահմանամերձ գիւղերէն մէկու ուղղութեամբ։ Այս մասին հաղորդած է ԹԱՍՍ գործակալութիւնը՝ Ղրղզստանի սահմանապահ ծառայութեան յղումով։
«Խախտելով նախապէս ձեռք բերուած պայմանաւորուածութիւնները՝ ժամը 08։50-էն մինչեւ 08։55 (երեւանեան ժամանակով ժամը 06:50-06։55) տաճիկական կողմն ականանետերէ կրակ բացած է Պաթքէնի շրջանի Փասքի-Արիք բնակավայրի ուղղութեամբ։ Ժամը 08։55-ին կրակը դադրած է»,- ըսուած է սահմանապահ ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ։
Սահմանապահ ծառայութեան հաղորդմամբ՝ ժամը 09։00-ի դրութեամբ իրավիճակը սահմանին լարուած է։ Աւելի վաղ հաղորդուած է, որ գիշերն անցած է առանց միջադէպերու։