image

Տանն Կիլիկիոյ Ազգային Վարչութեան ատենապետներու այցը՝ Իմարաթ

Տանն Կիլիկիոյ Ազգային  Վարչութեան ատենապետներու այցը՝ Իմարաթ

Օրերս Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան  Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան ատենապետները այցելած են Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց թեմ եւ հանդիպում ունեցած ՝ Թեմակալ առաջնորդ ՝ Տ. Մեսրոպ Արք. Սարգիսեանի, ինչպէս նաեւ թեմական  պատասխանատուներուն հետ։

Այս մասին հակիրճ տեղեկութիւններ հրապարակած է  ԱՄԷ-ի Ազգային Առաջնորդարանի  դիւանը, ուրկէ կը կարդանք՝ 

«Երեքշաբթի, 5 Հոկտեմբեր 2021-ին կէսօրէ ետք, թեմիս Առաջնորդ՝ Գերշ. Տէր Մեսրոպ Եպս. Սարգիսեան, ներկայութեամբ Ապու Տապիի հոգեւոր հովիւ՝ Հոգշ. Տէր Վաչէ Վրդ. Պալքճեանի եւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ տիար Ատիս Մուրատեանի, Ազգային Առաջնորդարանի դահլիճէն ներս ընդունեց Մեծի Տանն Կիլիկիոյ Կաթողիկոսութեան Ազգային Կեդրոնական Վարչութեան Համաատենապետները՝ Տիար Ստեփան Տէր Պետրոսեանը եւ Տիար Գրիգոր Մահսերէճեանը:

Գործի բերումով շրջանէն ներս գտնուղ Պրն. Ստեփանին առաջին այցելութիւնն էր Ազգային Առաջնորդարան, եւ աւելի քան մէկ ժամուայ հանդիպման ընթացքին, առիթը ստեղծուեցաւ աւելի մօտէն ճանչնալու թեմակալ Առաջնորդի կողմէ Արաբական Միացեալ Էմիրութեանց եւ Քաթարի Հայոց Թեմի աշխատանքներուն, մտահոգութիւններուն եւ դիմագրաուած մարտահրաւէրներուն:

Սրբազան հայրը տեղեկացուց վերջերս թեմէն ներս ստեղծուած Ազգային Վարչութեան, որ երեք շրջանները միացուց քաղաքական մէկ ժողովով եւ անոր յաջողութեան կարեւորութեան մասին, թեմի կառուցային աշխատանքներուն եւ բարգաւաճ ընթացք ստեղծելու համար:

Հանդիպման ընթացքին Պրն. Ստեփանը գնահատեց թեմէն ներս տարուած աշխատանքները, յատկապէս շեշտեց հեզասահ ընթացքը ու արձանագրուած յաջողութիւնները շրջանէն ներս:

Ինչպէս նաեւ խօսք առաւ Տիար Գրիգոր Մահսերէճեանը, ուր դրական անդրադարձաւ վերջին ութը տարիներու ընթացքին թեմի յաջող վերելքի մասին: Խօսք առաւ Ազգային Վարչութեան Ատենապետ՝ Տիար Ատիս Մուրատեանը եւս, որ աւելի մանրամասն ներկայացուց Ազգային Վարչութեան գործունէութիւնը եւ յառաջիկայ ծրագիրները:

Հանդիպման աւարտին Սրբազան հայրը եկեղեցւոյ օծման մետալ նուիրեց համաատենապետին եւ ծանօթացուց Սրբոց Նահատակաց Եկեղեցւոյ համալիրին եւ «Արա Խանոյեան» Ազգային Միօրեայ Վարժարանին»։