image
Հրատապ լուրեր:

Սուտանի հայոց եկեղեցիին շուրջ ծանր բախումներ (Տեսանիւթ)

  Սուտանի հայոց եկեղեցիին շուրջ ծանր բախումներ (Տեսանիւթ)

 Սուտանի Հայոց միակ եկեղեցին յայտնուած է հակամարտող ուժերու թէժ գիծերու կեդրոնին։

 Այս մասին «Արեւելք»ին յայտնեցին Սուտանի մայրաքաղաք Խարթում ապրող մեր հայրենակիցները։

Կը հաղորդուի նաեւ, որ հակառակ ընթացող բախումներուն եւ մինչեւ այս պահը եկեղեցին վնասներ չէ կրած։

Նշենք նաեւ, որ Սուտանի մէջ արդէն երրորդ օրն է, որ բախումներ կը գրանցուին մէկ կողմէ Սուտանի պետական բանակին եւ միւս կողմէ «Թատախոլ Սարիհ» անունով ճանչցուած միլիցին միջեւ։

 Կան հարիւրաւոր զոհեր եւ վիրաւորներ եւ ռազմական գործողութիւնները տարածուած են ամբողջ երկրի քաղաքներուն մէջ։

Սուտանի հայկական համայնքը կը համարուի սփիւռքի ամենափոքր համայնքներէն մին եւ այնտեղ կապրին շուրջ 15 հայ հայրենակիցներ։