image

Սուրիոյ մէջ օգտագործուած թրքական հրթիռներուն մէջ եւրոպական մասեր կան

Սուրիոյ մէջ օգտագործուած թրքական հրթիռներուն մէջ եւրոպական մասեր կան

Թուրքիոյ մէջ շտապօգնութեան մեքենաներու մէջ օգտագործելու համար հոլանտական ընկերութեան կողմէ արտադրուած առեւտրական արգելակները յայտնուած են այն հրթիռներու մէջ, որոնք Անգարան օգտագործած է Սուրիոյ հիւսիս-արեւելքի ուղղութեամբ յարձակումներու ժամանակ:

Զեկոյցի համաձայն՝ 2021 թուականի սեպտեմբերէն մինչեւ 2022 թուականի յունիսը լոնտոնեան Conflict Armament Research ընկերութեան դաշտային քննիչները վերլուծած են «օդ-երկիր» դասի 17 հրթիռներու մնացորդները, որոնք օգտագործուած են Սուրիոյ հիւսիս-արեւելեան շրջանը հարուածելու համար: Բեկորներու բաղադրիչներու վերլուծութիւնը ցոյց տուած է, որ հրթիռները արտադրուած են թրքական Roketsan պաշտպանական ընկերութեան կողմէ։

Հրթիռները ունեցած են ամերիկեան, չինական եւ եւրոպական ընկերութիւններու արտադրած բաղադրիչներ, այդ շարքին՝ ելեկտրամագնիսական արգելակներ, որոնք նշաններով եւ բնութագրերով կը համապատասխանեն Kendrion NV-ի (հոլանտական ընկերութիւն) արտադրանքին», ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։

Kendrion-ի ներկայացուցիչները յայտնած են, որ 2018 թուականին ընկերութիւնը համաձայնած է 20-25 հազար արգելակ մատակարարել թրքական FEMSAN ընկերութեան՝ շտապօգնութեան մեքենաներու մէջ արեան քննութեան սարքերուն մէջ օգտագործման նշուած նպատակով։ Ըստ զեկոյցի՝ այն ծանուցումէն ետք, որ արգելակները կ'օգտագործուին ռազմական նպատակներով, Kendrion -ը դադրեցուցած է իր գործարար յարաբերութիւնները թրքական ընկերութեան հետ։