image

Սուրիոյ մէջ Ասատի տապալումէն ետք տեղի ունեցած են առաջին խորհրդարանական ընտրութիւնները

Սուրիոյ մէջ Ասատի տապալումէն ետք տեղի ունեցած են առաջին խորհրդարանական ընտրութիւնները

Պաշշար Ասատի իշխանութեան տապալումէն ետք Սուրիոյ մէջ կատարուած են առաջին խորհրդարանական ընտրութիւնները։

Քուէարկութիւնը կայացած է կիրակի՝ հոկտեմբեր 5-ին, արդիւնքները յայտնի պիտի ըլլան երկու օրուան ընթացքին:

Ինչպէս յայտնած է Al Arabiya-ն, խորհրդարանը, որ պիտի ծառայէ 30 ամիս ժամկէտով, եւ որ կրնայ երկարաձգուիլ, պիտի ձեւաւորուի Սահմանադրական հռչակագրին մէջ նշուած մեքենականութեան հիման վրայ, այլ ոչ թէ ուղղակի համաժողովրդական ընտրութիւններու միջոցով։ Այս մեքենականութեան համաձայն, գերագոյն կոմիտէի կողմէ ձեւաւորուած տարածաշրջանային մարմինները, որոնց անդամները կը նշանակուին Սուրիոյ նախագահ Ահմետ Շարըհի կողմէ, պիտի ընտրեն խորհուրդի 210 անդամներէն երկու երրորդը, իսկ մնացած մէկ երրորդը պիտի ընտրուի նախագահի կողմէ։ 

Պետական լրատուամիջոցները կը հաղորդեն, որ շարք մը շրջաններու մէջ քուէարկութիւնը աւարտած է եւ արդէն սկսած է քուէներու հաշուարկը։ Յաղթողներուն անունները պիտի հրապարակուին մամլոյ ասուլիսի ընթացքին։

Իրաւապաշտպան խումբերը քննադատած են ընտրութիւնները՝ նշելով, որ անոնք ազատ եւ արդար չեն։ Անոնց համաձայն՝ այս համակարգը իշխանութիւնը կը պահէ կառավարութեան ձեռքին մէջ եւ չերաշխաւորեր իրական ժողովրդավարութիւն։

Որոշ շրջաններու մէջ ընտրութիւնները յետաձգուած են՝ անվտանգային խնդիրներու եւ բնակչութեան տեղահանութեան պատճառով։

Անցումային կառավարութեան յայտարարութիւններու համաձայն՝ երկրի 14 նահանգէն երեքին մէջ ընտրութիւնը յետաձգուած է անվտանգութեան նկատառումներով: Թափուր պիտի մնան 32 պատգամաւորական տեղեր, որոնք նախատեսուած են Հարաւային Սուէյտա նահանգի ներկայացուցիչներու համար, ուր յուլիսին բախումներ տեղի ունեցած են տուրզիներու եւ պետուիններու միջեւ, ինչպէս նաեւ հիւսիսարեւելեան Հասաքէ եւ Հիւսիսային Ռաքքա նահանգի ներկայացուցիչներու համար, որոնք մասամբ կը վերահսկեն քրտական «Սուրիոյ դեմոկրատական ուժերը» (SDF):

Ընտրութեան մասնակցելու համար գրանցուած է ընդհանուր առմամբ 1578 թեկնածու, որոնց միայն 14 տոկոսնը կանայք են։ Անոնցմէ պահանջուած է չըլլալ «Ասատի՝ նախկին վարչախումբի կողմնակից», ինչպէս նաեւ չաջակցիլ որեւէ անջատողական գաղափարի։

Նոր խորհրդարանը առաջիկային պէտք է աշխատի նոր օրէնքներու եւ սահմանադրական բարեփոխութիւններու վրայ՝ քաղաքական անցման գործընթացի ծիրէն ներս։