Սուրիոյ կառավարութիւնը, որ կ՚ենթարկուէր նախագահ Պաշշար Ասատին, պատրաստ է վար դնել իր լիազօրութիւններն այն ժամանակ, երբ ատոր կարիքը ըլլայ։
Այս մասին Al Arabiya հեռուստաալիքին յայտարարած է վարչապետ Մուհամմետ Ղազի Ալ-Ճալալին։
Անոր խօսքով՝ իշխանութեան եկած զինուած ընդդիմութեան հետ բանակցութիւնները կը շարունակուին։
«Մենք պատրաստ ենք փոխանցել մեր լիազօրութիւններն անմիջապէս, երբ մեզմէ այդ մէկը խնդրեն»,- ըսած է ան։
Ալ-Ճալալին ընդգծած է, որ ներկայիս առաջնահերթութիւնը սուրիացիները առաջին անհրաժեշտութեան ապրանքներով ապահովելն է։