image

Պոլսոյ մէջ. Հայ աշակերտուհին մահացած գտնուած է

Պոլսոյ մէջ. Հայ աշակերտուհին  մահացած գտնուած է

Ողբերգական դէպք պատահած է Պոլսոյ Շիշլի հայաշատ թաղամասին մէջ: Թրքական լրատուամիջոցները յայտնած են, որ մայրը առաւօտեան մտած է սենեակ՝ արթնցնելու դպրոցահասակ դուստրը, սակայն անոր չէ գտած այնտեղ: 14-ամեայ աշակերտուհիի դին յայտնաբերուած է շէնքի բակին մէջ:

«Արեւելք»-ի տեղեկութիւններով, ան Պոլսոյ հայկական դպրոցներէն մէկու՝ Ֆերիգիւղի հայկական վարժարանի աշակերտ է՝ Նիքոլ Օ.-ն:

Kurtuluş Caddesi 126 հասցէին վրայ, ուր պատահած է դէպքը, իրաւապահները քննութիւն սկսած են. դեռ պարզ չէ, թէ աղջիկը նետուա՞ծ է, թէ՞ ինկած է տան 6-րդ յարկի իր սենեակի պատուհանէն: Մանրամասները յայտնի կը դառնան Իսթանպուլի դատաբժշկական հիմնարկին մէջ դիահերձումէն ետք, ուր տարուած է անոր դին:

Նիքոլ Օ.-ն 3 տարի առաջ պատմուածքի մրցոյթի առաջին տեղը զբաղցուցած էր՝ բոլորի ուշադրութիւնը գրաւելով «Ցաւոտ գրիչ» վերնագրով պատմուածքով, դէպքի առիթով յայտնած է milliyet.com.tr-ը: 

Հայկական վարժարանն ու պոլսահայ կազմակերպութիւնները առայժմ չեն յայտնած աշակերտուհիի մահուան մասին: