Ո՜վ սուրբ Սարգիս, Տիրոջ վկան
Կոչումովդ միշտ յիշարժան
Քու երթովդ աւետաւոր
Եղար կտակ սուրբ, հոգեւոր։
Քրիստոսով դուն յաղթական
Արիութեան խօսուն թարգման
Բարեհամբաւ վեհ ուխտաւոր
Սիրոյ նամակ խորհրդաւոր։
Առաքինի վարքի վկան
Սերունդներու ներշնչարան
Կեանքով օծուն եւ լուսաւոր
Դարձար մշակ արժանաւոր։
Դուն սրբութեան սերտ մեկնաբան
Օրինակով վայելչական
Ընթացքով մեր հաւատաւոր
Ըլլանք գանձիդ ժառանգաւոր։
Բաեխօսէ ո՜վ պատուական
Աղօթքներով աղաչական
Խնդրէ Հայրէն մեր երկնաւոր
Ըլլայ ազգիս հովանաւոր։
Խորէն Քհնյ. Պէրթիզլեան
Միացիր մեզ Տելեգրամում
Միացիր մեզ Յութուբում
Կիսուիլ