image

Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ

Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ Ս. պատարագ

Օրերս, Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ պատարագ մատուցուած է, որուն աւարտին կատարուած է խաչահանգիստ։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ մեր պաշտօնակից «Ժամանակ» թերթէն, որ մասնաւորապէս կը գրէ՝ 

Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ մէջ երէկ պատարագեց Տ. Գասպար Աբեղայ Կարապետեան, որ խօսեցաւ նաեւ քարոզ մը։

Արարողութեան ներկայ էին Տ. Նաթան Քհնյ. Արապեան, Տ. Ներսէս Քհնյ. Այվազեան եւ Տ. Մելքոն Քհնյ. Փընարճեան Երգեցողութիւնները կատարուեցան խումբ մը կամաւոր դպիրներու կողմէ՝ ղեկավարութեամբ Արշաւիր Սրկ. Պիւյիւքիշմանի։

Ս. Պատարագի աւարտին կատարուեցաւ խաչահանգիստ։

Կրօնական արարողութիւններէն վերջ Սկիւտարի Ս. Խաչ եկեղեցւոյ թաղային խորհուրդը սիրոյ սեղանով մը հիւրընկալեց հոգեւոր հայրերն ու Ս. Պատարագի մասնակից ուխտաւորները։