Շուշիի մէջ Ատրպէյճանը հայկական կողմին փոխանցած է ռազմագործողութիւններու ընթացքին զոհուած եւս 1 ծառայողի աճիւն: Անոր ինքնութիւնը պիտի հաստատուի դատաբժշկական փորձաքննութենէ յետոյ:
Յիշեցնենք, որ զինադադարէն յետոյ` մինչ օրս յայտնաբերուած է ընդհանուր 1670 աճիւն։