Լիբանանի «Հըզպալլա» շարժման օրէնսդիր խորհուրդը նոր ընդհանուր քարտուղար ընտրած է Նայիմ Քասեմը։ Այս մասին կը տեղեկանանք շարժման մամուլի ծառայութեան տարածած հաղորդագրութենէն։
Մինչ այդ Նայիմ Քասեմը կը զբաղցնէր «Հըզպալլա»-ի ընդհանուր քարտուղարի առաջին տեղակալի պաշտօնը։
«Հըզպալլա»-ի օրէնսդիր խորհուրդը շարժման նոր ընդհանուր քարտուղար ընտրած է շէյխ Նայիմ Քասեմը, որ Աստուծոյ օգնութեամբ պիտի շարունակէ կրել մեր դրօշը»,-ըսուած է յայտարարութեան մէջ։
Նախորդ ընդհանուր քարտուղար Հասան Նասրալլան սպանուած է սեպտեմբեր 27-ին Պէյրութի հարաւային շրջաններուն իսրայէլեան ռամզաօդային ուժերու հասցուցած հարուածներու հետեւանքով։ Այդ նպատակով իսրայէլեան օդուժը քանի մը վայրկեանի մէջ աւելի քան 80 հատ 900-քիլոկրամանոց ռումբեր նետած է:
Հոկտեմբեր 4-ին սպանուած է նաեւ Նասրալլայի իրաւայաջորդը՝ անոր եղբայր Հաշեմ Սաֆի ալ-Տինը։