image
Հրատապ լուրեր:

Սեւ ծովը պէտք չէ հաշիւներ մաքրելու տեղ դառնայ. Էրտողան

Սեւ ծովը պէտք չէ հաշիւներ մաքրելու տեղ դառնայ. Էրտողան

Սեւ ծովը պէտք չէ օգտագործուի որպէս հաշուեյարդարի ասպարէզ: Այդ ո՛չ Ռուսիոյ, ո՛չ ալ Ուքրանիոյ օգուտ կու տայ։ Բոլորին անհրաժեշտ է անվտանգ նաւարկութիւն Սեւ ծովուն մէջ, եւ այդ պէտք է ապահովել: Այս մասին լրագրողներուն ըսած է Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանը՝ արձագանգելով Օտեսայի մէջ թրքական նաւու գնդակոծման:

Քիեւէն յայտնած են, որ Ռուսիոյ զինուած ուժերը հրթիռային հարուած հասցուցած են Օտեսայի մարզին, որու հետեւանքով վնասուած է Չեռնոմորսքի նաւահանգիստին մէջ գտնուող քաղաքացիական նաւերէն մէկը: Հաղորդուած է, որ նաւը պատկանած է թրքական ընկերութեան: Տեղեկութիւններ կան տուժածներու մասին: Վլատիմիր Զելենսքին մեղադրած է Մոսկուան՝ հակամարտութեան կարգաւորման դիւանագիտական գործընթացները խափանելու համար:

Թուրքիոյ ԱԳՆ-ն մտահոգութիւն յայտնած է, որ Ռուսիոյ եւ Ուքրանիոյ միջեւ պատերազմը լուրջ վտանգ կը ներկայացնէ Սեւ ծովուն մէջ նաւագնացութեան անվտանգութեան համար։ Անգարան կոչ ըրած է դադրեցնելու ռազմական գործողութիւնները:

Նոյեմբերի վերջէն ի վեր ուքրանական կողմն ալ Սեւ ծովուն մէջ թիրախաւորած է Ռուսիոյ ստուերային նաւատորմի երեք հրասայլեր։ Վլատիմիր Փութինը յայտարարած է, որ կրնայ Ուքրանիան կտրել ծովէն։