Արցախի մէջ Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի ներկայացուցիչներն արձագանգած են Ատրպէյճանի պաշտպանութեան նախարարութեան յայտարարութեան՝ խաղաղապահներու տեղեկատուական ամփոփագրին մէջ օգտագործուած Մաղավուզ տեղանուան շուրջ վրդովմունքի վերաբերեալ։
Յայտարարութեան մէջ նշուած է. «Ռուսիոյ Դաշնութեան զինուած ուժերը եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբը ուսումնական եւ մարտական առաջադրանքներ կատարելու ժամանակ կ'օգտագործեն ՌԴ ԶՈՒ գլխաւոր շտաբի կողմէ հաստատուած տեղագրական քարտէզներով սահմանուած տեղանուններ:
Մաղավուզ բնակավայրի անուանման վերաբերեալ Պաքուի քննադատութիւնը զարմանալի է, քանի որ աւելի վաղ եւ բազմիցս Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութեան տեղեկագրերուն մէջ օգտագործուած են նաեւ այլ ոչ ատրպէյճանական տեղանուններ: Սակայն այդ տեղեկատուական հարթակին վրայ պահանջներու չէ յանգեցուցած։ Աւելին, շարասիւններու շարժման երթուղին համակարգելու եւ ռուս խաղաղապահներուն հետ փոխգործակցութիւն կազմակերպելու ժամանակ ատրպէյճանական կողմը կ'օգտագործէ նաեւ այդ տեղանունները։
Ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի գործունէութիւնը կը կարգաւորուի Ատրպէյճանի, Ռուսիոյ եւ Հայաստանի նախագահներու 2020 թուականի նոյեմբեր 10-ի եռակողմ յայտարարութեամբ եւ ուղղուած է հրադադարի ռեժիմի պահպանման մշտադիտարկման եւ բազմիցս տարբեր հանդիպումներու ժամանակ Ատրպէյճանի պաշտօնեաներուն կողմէ արժանացած է բարձր գնահատականի՝ անոնց արդիւնաւէտութեան համար։
Ռուսիոյ Դաշնութեան պաշտպանութեան նախարարութեան պաշտօնական տեղեկագրերուն մէջ հրապարակուած հրադադարի ռեժիմի խախտումները կ'արձանագրուին խաղաղապահներու դիտակէտներուն մէջ, օգտագործելով առարկայական հսկողութեան տեխնիկա, որ թոյլ կու տայ դիտորդութիւն իրականացնել օրուան ցանկացած ժամին:
Վատ չէր ըլլար, որ Ատրպէյճանի Հանրապետութեան պաշտպանութեան նախարարութիւնը նման աննշան առիթներով կասկածի տակ չի դներ ռուսական խաղաղապահ զօրախումբի գործունէութիւնը Լեռնային Ղարաբաղի մէջ, այլ անոր հետ սերտ համագործակցութեամբ, անոր կարգին՝ տեղւոյն վրայ, շարունակէ աշխատանքը՝ պահպանելու խաղաղութիւնը տարածաշրջանին մէջ»։