image

Ռուսիոյ ջանքերու շնորհիւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին հրադադար ձեռք բերուած է. Քարասին

Ռուսիոյ ջանքերու շնորհիւ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին հրադադար ձեռք բերուած է. Քարասին

Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ հրադադար ձեռք բերուած է: Այս մասին ՌԻԱ «Նովոստի»-ին ըսած է ՌԴ Դաշնային խորհուրդի միջազգային հարցերով յանձնաժողովի ղեկավար՝ Կրիկորի Քարասին:

Քարասինի խօսքով՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի սահմանին հրադադարը ձեռք բերուած է Ռուսիոյ ջանքերուն շնորհիւ, անոնց կարգին՝ ՌԴ նախագահ՝ Վլատիմիր Փութինի եւ ՀՀ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանի զրոյցէն եւ ՌԴ արտաքին գործոց նախարարութեան աշխատանքէն յետոյ:

Ըստ Քարասինին՝ երկու երկիրներու սահմանին տիրող իրավիճակի առնչութեամբ դեռ շատ աշխատանք կայ ընելու, քանի որ Երեւանը դիմած է ՀԱՊԿ-ին:

Յիշեցնենք, որ ժամը 00:05-ին, Ատրպէյճանի ԶՈՒ ստորաբաժանումները Գորիսի, Սոթքի եւ Ջերմուկի ուղղութեամբ հրետանային միջոցներէ, խոշոր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ սկսած են բուռն կրակ վարել հայկական դիրքերու ուղղութեամբ՝ կիրառելով նաեւ անօդաչու թռչող սարքեր (ԱԹՍ):

ՀՀ ՊՆ-ի հաղորդագրութեան համաձայն՝ առաւօտեան 8-ի դրութեամբ իրադրութիւնը հայ-ատրպէյճանական սահմանին էական փոփոխութիւններ չէ կրած։ Հակառակորդը կը շարունակէ Վարդենիսի, Սոթքի, Արտանիշի, Իշխանասարի, Գորիսի եւ Կապանի ուղղութիւններով կիրառել հրետանային միջոցներ, ականանետեր, ԱԹՍ-ներ եւ խոշոր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներ՝ թիրախաւորելով թէ՛ ռազմական եւ թէ՛ քաղաքացիական ենթակառուցուածքները։ Սահմանի որոշ հատուածներու մէջ դիրքային մարտերը կը շարունակուին, հակառակորդը չի դադարցներ առաջխաղացման փորձերը։

 

ՀՀ վարչապետ՝ Նիկոլ Փաշինեանն Ազգային ժողովին մէջ հայ-ատրպէյճանական սահմանին տիրող իրավիճակը ներկայացնելու ժամանակ յայտնած է, որ, նախնական տեղեկութիւններով, ունինք 49 զոհ, սակայն այս թիւը վերջնական չէ. վերջնականը կը յայտարարուի ՊՆ-ի կողմէ յստակեցումէ յետոյ։