image

Ռուսիան զանգուածային հարուած հասցուցած է Ուքրանիոյ

Ռուսիան զանգուածային հարուած հասցուցած է Ուքրանիոյ

 

Ռուսիա նոր զանգուածային հարուած հասցուցած է Ուքրանիոյ՝ օգտագործելով շուրջ 500 անօդաչու թռչող սարք եւ 20-է աւելի թեւաւոր ու պալիսթիք հրթիռ։ Ուքրանական կողմի տեղեկութեամբ՝ Տնեփրոփեթրովսքի մարզին մէջ հրդեհներ բռնկած են, վնասուած են քաղաքացիական կառոյցներ, մէկ մարդ զոհուած է, իսկ 26-ը՝ վիրաւորուած։

Թիրախ դարձած են նաեւ Քիեւի արուարձանները։ Տուժած են բնակելի շէնքեր, արդիւնաբերական ենթակառոյցներ, մեքենաներ հրդեհուած են։ Օտեսայի մէջ հրդեհ բռնկած է գիւղատնտեսական պահեստի եւ բնակելի շէնքերու մէջ։ Խմելնիցքիի մարզէն ալ յայտնի է մէկ զոհի մասին։

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ հաղորդած է հարուածներուն մասին։ Ըստ գերատեսչութեան՝ ուքրանական ԱԹՍ-ներ խոցուած են Ռոսթովի, Սարաթովի, Պրեանսքի, Սամարայի, Վորոնեժի եւ այլ մարզերու մէջ, ինչպէս նաեւ՝ Խրիմի մէջ։

Յակառակ փոխադարձ հարուածներուն՝ Քրեմլի խօսնակը յայտարարած է, որ Ռուսիոյ նախագահը պատրաստակամ է եւ ջանքեր կը գործադրէ հակամարտութիւնը քաղաքական-դիւանագիտական միջոցներով լուծելու ուղղութեամբ։ Տմիթրի Փեսքով այսպէս մեկնաբանած է Տանըլտ Թրամփի խօսքերը՝ Վլատիմիր Փութինէն յիասթափուելու մասին։

Աւելի վաղ Վլատիմիր Զելենսքի յայտարարած էր, որ Քիեւը համաձայն է դիւանագիտական բոլոր առաջարկներուն՝ պատերազմը դադրեցնելու համար, մինչ Մոսկուա արձագանգ չի տար ԱՄՆ նախագահի խաղաղութեան կոչերուն։