image

Ռուսիան հանած է Հայաստանի հետ ցամաքային սահմանափակումները

Ռուսիան հանած է Հայաստանի հետ  ցամաքային սահմանափակումները

Ռուսիան հանած է Հայաստանի եւ Ղրղըզստանի հետ ճանապարհային հաղորդակցութեան սահմանափակումները։  Համապատասխան կարգադրութիւնը ստորագրած է երկրի վարչապետ Միխայիլ Միշուսթինը։

«Լրացնել օտարերկրեայ պետութիւններու ցանկը, որոնց հանդէպ հանուած են Ռուսիոյ Դաշնութեան մտցուցած ճանապարհային հաղորդակցութեան ժամանակաւոր սահմանափակումները, <…> այդ պետութիւններն են՝ Հայաստանի Հանրապետութիւնը, Ղրղըզստանի Հանրապետութիւնը», նշուած է փաստաթուղթին մէջ։

Սահմանափակումները մտցուած էին ընթացիկ տարուան Մայիս 20-ին։