image

Ռուսիան եւ Ուքրանիան շարունակած են փոխադարձ հարուածները

Ռուսիան եւ Ուքրանիան շարունակած են փոխադարձ հարուածները

Ռուսիան հարուածներ հասցուցած է Խարքովին եւ Օտեսային։ Ուքրանիոյ արտակարգ իրավիճակներու պետական ծառայութենէն յայտնած են, որ Խարքովի մէջ հարուածի հետեւանքով չորս մարդ զոհուած է, եւս վեցը տարբեր աստիճանի վնասուածքներ ստացած են: Օտեսայի մէջ հարուածներու երկու ալիք գրանցուած է, որոնց հետեւանքով քաղաքի կեդրոնական հատուածին մէջ վնասուած են բնակելի տուներ, ինչպէս նաեւ հիւանդանոց, մանկապարտէզ, դպրոց: Հաղորդուած է հինգ տուժածի մասին:

Քիեւի մէջ ալ պայթումներ որոտացած են: Լրատուամիջոցները հաղորդած են հրթիռներու եւ ԱԹՍ-ներու հարուածներու մասին: Գրանցուած են ելեկտրամատակարարման անջատումներ:

Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնն ալ յայտնած է, որ այս գիշեր ՀՕՊ-ի հերթապահ միջոցներով ոչնչացուած է ուքրանական 11 անօդաչու թռչող սարք՝ Ռոսթովի, Պելկորոտի, Քուրսքի, Օրլովսքի եւ Խրիմի օդային տարածներուն մէջ:

Լրատուամիջոցները նշած են, որ ուքրանական ԱԹՍ-ները հարուածներ հասցուցած եմ Թականրոկին: Թիրախաւորուած է անօդաչու թռչող սարքերու բաղադրիչներու արտադրութեան ձեռնարկութիւն: