image

Ռուսիա համաձայնութիւն տուած է Իրանի մէջ եօթ նաւթահանքեր շահագործելու մասին

Ռուսիա համաձայնութիւն տուած է Իրանի մէջ եօթ  նաւթահանքեր շահագործելու մասին

Մոսկուան Թեհրանի հետ համաձայնեցուցած է Իրանի մէջ նաւթի եւ կազի եօթ հանքավայրերու շահագործումը, եւս 14-ի շուրջ բանակցութիւնները կը շարունակուին:  Ինչպէս կը հաղորդէ «Արմէնփրէս»-ը՝ վկայակոչելով ԹԱՍՍ գործակալութիւնը, այս մասին  չորեքշաբթի ըսած է Իրանի նաւթի նախարար Ճաուատ Օուճին։

«Ներկայիս մենք համաձայնագրեր ունինք Ռուսիոյ հետ նաւթի եւ կազի եօթ հանքավայրերու իւրացման շուրջ,- անոր խօսքերը մէջբերած է «Շանա» գործակալութիւնը:- Այս պահուն բանակցութիւններ կ'ընթանան 14 այլ հանքավայրերու շուրջ»։