Ռուսական ուժերը գիշերուան ընթացքին զանգուածային հարուած հասցուցած են Ուքրանիոյ՝ օգտագործելով 502 անօդաչու թռչող սարք, 15 «Քալիպր» հրթիռ եւ 8 «X-101» թեւաւոր հրթիռ։ Այս մասին կը հաղորդէ BBC-ի ռուսական ծառայութիւնը։
Կիրովոկրաթի մարզին մէջ վիրաւորուած են երկաթուղային ընկերութեան 4 աշխատակից։ Շոգեկառքերու երթեւեկութիւնը ժամանակաւոր խափանուած է։ Վնասուած է 17 բնակելի շէնք, որոնցմէ մէկը ամբողջովին աւերուած է։
Քիեւի մարզին մէջ խոցուած թիրախի բեկորները հրդեհ առաջացուցած են, վնասած՝ մեքենաներ ու պատուհաններ։
Չեռնիկովի մարզին մէջ, ըստ տեղական իշխանութիւններու, անօդաչուները հարուածած են «կարեւոր ենթակառուցուածքի կառոյց»։ 30.000 տնային տնտեսութիւն մնացած է առանց ելեկտրականութեան։
Անօդաչուներու հարուածներէն վնասներ գրանցուած են նաեւ Խմելնիցկիի, Լվովի, Իւանօ-Ֆրանքովսկի եւ Լուցքի մարզերուն մէջ։
Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարութիւնը իր հերթին յայտնած է ուքրանական 105 անօդաչու թռչող սարք խոցելու մասին՝ Ռոսթովի, Պրեանսքի, Քրասնոտարի, Քալուկայի, Սմոլենսքի մարզերուն, ինչպէս նաեւ Սեւ եւ Ազովի ծովերուն եւ Խրիմի տարածքին մէջ։