image

Ռուսերը մտահո՞գ. «Հրապարակ»ի դիտարկումը

 Ռուսերը մտահո՞գ. «Հրապարակ»ի դիտարկումը

«Մեր տեղեկութիւններով, ռուսական իշխանութիւնները եւ Արցախի մէջ տեղակայուած ռուս խաղաղապահները խիստ մտահոգուած են Արցախէն արտագաղթի կշռոյթներով: Անոնք կը կարծեն, որ արտագաղթի հետեւանքով կրնայ Արցախի ժողովրդագրական պատկերը փոխուիլ, իսկ հողը, ուր մարդ չ'ապրիր, այլեւս պաշտպանել-պահպանելու կարիք չ'ունենար:

Մանաւանդ, անոնց շատ լաւ յայտնի է ատրպէյճանցիներու` մորեխի պէս աճելու եւ ամէն ծակուծուկէն ներթափանցելու սովորութիւնը: Իսկ երբ լրանայ խաղաղապահներու տեղակայման 5-ամեայ ժամկէտը, եւ պարզուի, որ Արցախի մէջ հայերու քանակը խիստ կրճատուած է, իրենց հետագայ ներկայութեան հարցն ալ օդէն կրնայ կախուիլ», կը գրէ «Հրապարակ» թերթը։

 

Նիւթը ամբողջութեամբ կարելի է կարդալ թերթի այսօրուայ համարին մէջ։