Մոսկուան յոյս կը յայտնէ, որ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի անդամ երկիրներուն յայտարարութիւնը կ'ազդէ ԼՂ հակամարտութեան կողմերուն վրայ: Այս մասին յայտնած է ՄԱԿ-ի մէջ Ռուսաստանի մշտական ներկայացուցիչ Վասիլի Նեպենզիան:
«Մինսքի խմբակը պատրաստ է նպաստելու բանակցութիւններուն, սակայն երկխօսութեան կարեւոր պայմանը իրենց՝ կողմերու պատրաստակամութիւնն է: Ցաւօք, առայժմ մենք որոշակի յայտարարութիւններ կը լսենք, որոնք կը վկայեն, որ այդ պայմանը դեռ չկայ: Յոյսով ենք՝ ԵԱՀԿ Մինսքի խմբակի համանախագահներուն յայտարարութիւնը այդ իրավիճակը կը փոխէ», ըսած է ան:
Նեպենզիա յայտնած է, որ ԼՂ-ի մէջ հակամարտութիւնը լուրջ մտահոգութիւններ յառաջացուցած է ոչ թէ այն պատճառով, որ մօտ է իրենց սահմաններուն, այլ հիմնականին մէջ այն պատճառով, որ ե՛ւ Հայաստանը, ե՛ւ Ատրպէյճանը օտար երկիրներ չեն իրենց համար:
«Անոնք մեզի համար օտար ազգեր չեն: Մենք յատուկ յարաբերութիւններ ունինք երկրու երկիրներուն հետ», ըսած է ան:
Նեպենզիա նաեւ հերքած է պնդումները, որ Ռուսիան ու Թուրքիան ԼՂ հակամարտութեան տարբեր կողմերու կ'աջակցին:
«Այո՛, Թուրքիան միանշանակ կ'աջակցի Ատրպէյճանին: Այդ բոլորիս յայտնի է, սակայն այդ չի նշանակում, որ մենք միւս կողմն ենք` Ատրպէյճանի դէմ Հայաստանին կ'աջակցինք: Այդպէս չէ: Մենք կ'աջակցինք արդար կարգաւորման, հրադադարին, ռազմական գործողութիւններու դադարեցման», նշած է Նեպենզիան:
Ան ընդգծած է` իրենք կը փափաքին, որ երկու երկիրները դադրեցնեն նշուած լարուածութիւնը: