image

Ռուսաստան կարեւոր ջանքեր կը գործադրէ

Ռուսաստան կարեւոր ջանքեր կը գործադրէ

«Թասս» լրատու գործակալութիւն յայտնեց, թէ լրագրողներու հետ ունեցած զրոյցի մը ընթացքին Ռուսիոյ նախագահի բանբեր Տմիթրի Փեսքով ըսաւ, թէ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ տագնապի լուծման նպատակով Ռուսիոյ կատարած դերը դժուար է գերագնահատել. Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութին ամէն ջանք ի գործ կը դնէ իրավիճակը կայունացնելու համար՝ շեշտելով, որ այդ ճիգը կը շարունակուի:

13 Սեպտեմբերին սահմանային վիճակը եւ համպատասխան մանրամասնութիւններ տալու նպատակով, Հայաստանի վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան հեռաձայնային զրոյց ունեցաւ Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի հետ: Ան անթոյլատրելի նկատեց Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին նկատմամբ ատրպէյճանական սադրանքը եւ ռմբակոծումները, ինչպէս նաեւ շեշտեց միջազգային հանրութեան համարժէք արձագանգին կարեւորութիւնը:

Նոյն օրը,  Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Արարատ Միրզոյեան ընդունեց ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի ռուս համանախագահ, Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններու կարգաւորմանն աջակցելու հարցերով Ռուսիոյ արտաքին գործոց նախարարի յատուկ ներկայացուցիչ Իկոր Խովաեւը:

Միրզոյեան ներկայացուց 12 Սեպտեմբերի կէսգիշերին, ատրպէյճանական զինուած ուժերուն կողմէ Հայաստանի ինքնիշխան տարածքին դէմ սանձազերծուած յարձակումին պատճառով ստեղծուած իրավիճակը՝ շեշտելով Ատրպէյճանի գործողութիւններուն հասցէական եւ համարժէք կերպով արձագանգելու անհրաժեշտութիւնը: Միրզոյեան նշեց, թէ Ատրպէյճան իր առաւելապաշտական նպատակներուն ուժի միջոցով հասնելու փորձերով կը հարուածէ տարածաշրջանին մէջ խաղաղութիւն հաստատելու հայկական կողմի ջանքերը:

Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ հանդիպման նախնական օրակարգին՝ Հայաստանի եւ Ատրպէյճանի միջեւ յարաբերութիւններուն եւ Արցախի տագնապի լուծման վերաբերող հարցերուն: Միրզոյեան դիտել տուաւ, որ յատկապէս ստեղծուած իրավիճակին մէջ հայկական կողմը կ՛ակնկալէ ԵԱՀԿի Մինսքի խումբի համանախագահութեան եւ համանախագահ երկիրներու աշխոյժ ներգրաւումը: