image

Ռոմանոս Պետրոսեան՝ Պետական վերահսկողական ծառայութեան ղեկավար

Ռոմանոս Պետրոսեան՝ Պետական վերահսկողական ծառայութեան ղեկավար

ՀՀ վարչապետ Նիկոլ Փաշինեանի որոշմամբ՝ Ռոմանոս Պետրոսեան նշանակուած է ՀՀ Պետական վերահսկողական ծառայութեան ղեկավար: 

«Ղեկավարուելով «Հանրային ծառայութեան մասին» օրէնքի 9-րդ յօդուածի 5-րդ մասով՝

Ռոմանոս Պետրոսեանին նշանակել Պետական վերահսկողական ծառայութեան ղեկավար», նշուած է որոշման մէջ:

Աւելի վաղ, վարչապետին որոշմամբ Տիգրան Ուլիխանեան ազատուած էր Պետական վերահսկողական ծառայութեան ղեկավարի պաշտօնէն:

Նշենք նաեւ, որ ՀՀ շրջակայ միջավայրի նախարար նշանակուած է Յակոբ Սիմիտեանը, որ մինչեւ այդ ան կը զբաղեցնէր վարչապետի գլխաւոր խորհրդականի պաշտօնը: