image

Թալեպանի հարցով ... Մոսկուա շատ պաղարիւն

Թալեպանի հարցով ... Մոսկուա շատ պաղարիւն
Ռուսաստանը չի շտապեր ճանչնալ Աֆղանիստանի մէջ «Թալեպան» շարժման իշխանութիւնը: Այս մասին երեքշաբթի լրագրողներուն յայտնած է ՌԴ ԱԳ նախարար Սերկէյ Լաւրովը՝ պատասխանելով ԹԱՍՍ-ի հարցին:
 
«Մենք, ինչպէս միւս բոլոր երկիրները, չենք շտապեր ճանաչման հարցի առումով», -ըսած է ան՝ միաժամանակ մատնանշելով, որ Ռուսաստանը կը նկատէ «Թալեպան»-ի կողմէ դրական ազդակներ Աֆղանիստանի հետագայ զարգացման վերաբերեալ:
 
Լաւրովի խօսքով ՝ Ռուսաստանը յոյս ունի, որ «Թալեպան» շարժման երկխօսութիւնը Աֆղանիստանի քաղաքական ուժերու առաջնորդներու հետ պիտի աւարտի երկրի կառավարութեան անցումային ներառական կառոյցներու ձեւաւորմամբ:
 
«Թալեպան»-ի զինեալները 15 Օգոստսին առանց մարտի մտած են Քապուլ եւ  քանի մը ժամուան ընթացքին լիակատար վերահսկողութիւն հաստատած Աֆղանիստանի մայրաքաղաքի նկատմամբ: Աֆղանիստանի նախագահ Աշրաֆ Ղանին յայտնած Է, որ վար դրած է լիազօրութիւնները՝ արիւնահեղութիւն թոյլ չտալու համար եւ հեռացած է երկրէն: