image

Ռամկավար երախտաւորին վերջին հրաժեշտ՝ Պէյրութի մէջ

  Ռամկավար երախտաւորին վերջին հրաժեշտ՝ Պէյրութի մէջ

 

Ընկեր Նազարէթ եղած է ՀԵՄ-ի երկարամեայ ու նուիրեալ անդամ, ան եղած է վարչական անդամ եւ Միութեանս սկաուտապետ, ինչպէս նաեւ ՌԱԿուսակցութեան հաւատարիմ անդամ։ 

Պէյրութի մէջ իր մահկանացուն կնքած է Ռամկավար Ազատական Կուսակցութեան երախտաւոր եւ վեթերան անդամներէն՝  Նազարէթ  Տէր  Վարդանեանին։

Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ հանգուցեալի հարազատներէն։

Կը նշուի, որ բնիկ երուսաղէմցի Նազարէթ Տէր Վարդանեան վերջին տարիներուն տեղափոխուած եւ հաստատուած Լիբանան, ուր  յառաջացած  տարիքին (99 տարեկան)  կնքեց իր մահկանացուն ։Երկար տարիներ ՌԱԿ-ի կուսակցական, միութենական գործունէութիւն ծաւալած եղած է սիրուած եւ յարգուած մէկ անդամ սաղիմահայ համայնքին։

 Որպէս վարպետ դերձակ գործած է երկար տարիներ ու նաեւ կարած Երուսաղէմի Հայոց Պատրիարքութեան Միաբանութեան անդամ հոգեւոր հայրերուն սքեմներն ու պատարագի զգեստները։

Այս առթիւ ալ կարճ մահագրական մը ներկայացուցած է Երուսաղէմի ՌԱԿ երիտասարդական միաւոր՝ ՀԵՄ-ը, որ կը ներկայացնենք ստորեւ։

Հայ Երիտասարդաց Միութեան վարչութիւնը եւ Ռամկավար Ազատական Կուսկացութիւնը խոր ցաւով կը գուժեն մահը ընկեր Նազարէթ Տէր-Վարդանեանի, որ տեղի ունեցաւ Կիրակի, 6 Փետրուար, 2022-ին: 

Ընկեր Նազարէթ եղած է ՀԵՄ-ի երկարամեայ ու նուիրեալ անդամ, ան եղած է վարչական անդամ եւ Միութեանս սկաուտապետ, ինչպէս նաեւ ՌԱԿուսակցութեան հաւատարիմ անդամ։ 

ՀԵՄ-ի եւ ՌԱԿ-ի Վարչութիւնները իրենց խորազգաց ցաւակցութիւնները կը յայտնեն ընկեր Նազարէթի զաւակներուն, հարազատներուն եւ իր բոլոր ընտանեկան պարագաներուն։ 

Յուղարկաւորութիւնը տեղի պիտի ունենայ վաղը, 7 Փետրուար, կէսօրէ ետք ժամը 3:00-ին Պուրճ Համուտի Սուրբ Վարդան Եկեղեցւոյ մէջ, Լիբանան։ 

Այս տխուր  առթիւ     մեր  խորազգաց  ցաւակցութիւնները կը յայտնէ  հանգուցեալի ՌԱԿ  Լիբանանի  գործիչներէն՝ Տօքթ. Աւետիս  Տագէսեանին  ու անոր  բոլոր պարագաներուն։