image

Քրեմլ մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Փութին- Նաթանիահու հեռախօսազրոյցին մասին

Քրեմլ մանրամասնութիւններ ներկայացուցած է Փութին- Նաթանիահու հեռախօսազրոյցին մասին

Քրեմլը մանրամասնութիւններ յայտնած է Ռուսիոյ Դաշնութեան նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ Իսրայէլի վարչապետ Բենիամին Նաթանիահուի հեռախօսազրոյցէն:

Հեռախօսազրոյցի ընթացքին ուշադրութեան կեդրոն եղած է պաղեստինա-իսրայէլեան հակամարտութեան գօտիին վրայ տիրող իրավիճակը, մասնաւորապէս՝ Կազայի հատուածին մէջ տիրող աղէտալի մարդասիրական իրավիճակը։

Վլատիմիր Փութինը հաստատած է ահաբեկչութիւնն իր բոլոր դրսեւորումներով չընդունելու եւ դատապարտելու իր սկզբունքային դիրքորոշումը։

Միեւնոյն ժամանակ, չափազանց կարեւոր է, որ ահաբեկչական սպառնալիքներուն հակազդելը խաղաղ բնակչութեան համար նման սարսափելի հետեւանքներու չյանգեցնէ»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ։ 

Ռուսական կողմը պատրաստ է ցուցաբերելու հնարաւոր բոլոր օգնութիւնները՝ մեղմելու խաղաղ բնակիչներու տառապանքը եւ թուլացնելու հակամարտութիւնը։

Բացի այդ, կողմերը փոխադարձ հետաքրքրութիւն արտայայտած են շարունակելու փոխգործակցութիւնը Ռուսիոյ քաղաքացիներու եւ անոնց ընտանիքներու անդամներու տարհանման, ինչպէս նաեւ Կազայի մէջ պահուող իսրայէլացիներու ազատ արձակման հարցերի շուրջ։ Պայմանաւորուածութիւն ձեռք բերուած է  շփումները շարունակելու շուրջ։