image
Հրատապ լուրեր:

Քիէւի մատոյցներուն մէջ «Ալլահ ու աքպար». Կամ ովքեր են ռուսներու դէմ կռուող չէչէները

  Քիէւի մատոյցներուն մէջ «Ալլահ ու աքպար».  Կամ ովքեր են ռուսներու դէմ կռուող չէչէները

  Կը պարզուի նաեւ, որ այս քայլով Զէլէնսքիի իշխանութիւնները ի տես Քատիրովի ուժերուն մասնաւորապէս Մարիոփոլի մէջ բերած ռազմական ազդեցիկ մասնակցութեան կը փորձեն ինչ որ հաւասարակշռութիւն մը բերել ընթացող պատերազմին։

Քիէւի մերձ գտնուող մատոյցներուն մէջ օրերս երեւելի դարձած են «Ալլահ ու աքպար» վանկարկող  զինեալներ։

 Այս մասին տեղեկութիւնը եւ կարճ տեսանիւթը հրապարակուած են ընկերային ցանցերու վրայ։

 Աւելի ուշ յայտնի դարձած է, որ «Ալլահ ու աքպար» վանկարկողները եւ ռուսական կանոնական զօրքերու ուղղութեամբ տիպի արկեր արձակողները կը պատկանին «Մանսուր ալ չիչանի» անունով յայտնի զօրահրամանատարի անունը կրող հրոսակախումբին, որոնք օրերս հասած են Քիէւ մասնակցելու համար պատերազմին։

Կը նշուի նաեւ, որ տուեալ անունը Ռուսերուն դէմ մղուած Չէչնիոյ պատերազմին ընթացքին կեդրոնական դեր ունեցած զօրահրամանատար մըն է, որ պատերազմէն ետք հեռացած է Չէչնիայէն։

 Կը պարզուի նաեւ, որ այս քայլով Զէլէնսքիի իշխանութիւնները ի տես Քատիրովի ուժերուն մասնաւորապէս Մարիոփոլի մէջ բերած ռազմական ազդեցիկ մասնակցութեան կը փորձեն ինչ որ հաւասարակշռութիւն մը բերել ընթացող պատերազմին։

 

 

Լուրը՝ «Արեւելք»ի