Ռուսական բանակը Օգոստոսի լոյս 28-ի գիշերը լայնաածաւալ յարձակում սկսած է Քիեւի վրայ, որուն հետեւանքով 38 մարդ վիրաւորուած է։ Ուքրանիոյ նախագահ Վլատիմիր Զելենսքի յայտնած է առնուազն ութ զոհի մասին, ներառեալ՝ մէկ երեխայ։
Քաղաքի ռազմական վարչակազմի ղեկավար Թիմուր Թքաչենքոն Telegram-ի մէջ գրած է, թէ զոհերու թիւը կրնայ աճիլ։
Քիեւի քաղաքապետ Վիթալի Քլիչքոյի համաձայն՝ Տարնիցքի շրջանին մէջ վնասուած են բնակելի շէնքեր, ներառեալ հինգյարկանի շէնք մը, որուն ամբողջ մէկ բաժինը փլած է։
Տնէփրովսքի շրջանին մէջ անօդաչու թռչող սարքի բեկորներն ինկած են եռայարկ գրասենեակային շէնքի եւ մանկապարտէզի տարածքին վրայ։ Վնասուած է 25 յարկանի բնակելի շէնք։ Շեւչենքովսքի շրջանին մէջ հրդեհ բռնկած է բնակելի շէնքի մէջ, վնասուած են ոչ բնակելի շէնքեր, ուսումնական հաստատութիւն եւ գրասենեակներ։
Ուքրանիոյ ներքին գործոց նախարար Իկոր Քլիմենքոյի համաձայն՝ փրկարարները նաեւ դիակներ դուրս բերած են։ Ան աւելցուցած է. «Մեծ հաւանականութիւն կայ, որ փլատակներուն տակ տակաւին մարդիկ կան»։
Զելենսքին յայտարարած է․ «Այս ռուսական հրթիռներն ու անօդաչուները յստակ պատասխան են բոլոր անոնց, որոնք շաբաթներ եւ ամիսներ շարունակ կոչ կ՚ընեն հրադադարի եւ իրական դիւանագիտութեան։ Ռուսիա բանակցային սեղանի փոխարէն կը նախընտրէ պալիսթիքը։ Կը նախընտրէ շարունակել սպանութիւնները՝ պատերազմը դադրեցնելու փոխարէն։ Եւ սա կը նշանակէ, որ Ռուսիան տակաւին չի վախնար հետեւանքներէն։ Ան տակաւին կը շահագործէ այն փաստը, որ աշխարհի առնուազն մէկ մասը աչք կը փակի սպանուած մանուկներու վրայ եւ արդարացումներ կը փնտռէ Փութինի համար»։