Քեսապի մէջ փառատօն

Քեսապի մէջ փառատօն

Շաբաթ, 13 օգոստոսի միջօրէին, բացումը կատարուեցած է Քեսապի տարեկան փառատօնին:

Միջոցառումը իրականացած է հովանաւորութեամբ եւ ներկայութեամբ Սուրիոյ զբօսաշրջութեան նախարար Ռամի Ռատուան Մարթինիի, օրհնութեամբ եւ ներկայութեամբ Բերիոյ Հայոց թեմի առաջնորդ Մասիս եպս. Զօպուեանի, գործակցութեամբ Լաթաքիոյ զբօսաշրջութեան տնօրէնութեան եւ Քեսապի գիւղապետութեան:

Փառատօնին մասնակցած են Համազգայինի «Ն. Աղբալեան» մասնաճիւղի էսդրատային նուագախումբը եւ մեներգողները, «Սարդարապատ» պարախումբը, Լաթաքիոյ «Վ. Նաւասարդեան» մասնաճիւղի «Գեղարդ» պարախումբը, ՀՄԸՄ-ի փողերախումբը եւ ՍՕ Խաչը: