image
Հրատապ լուրեր:

Քամալա Հարիս կոչ ըրած է միաւորուելու Տանըլտ Թրամփի դէմ

Քամալա Հարիս կոչ ըրած է միաւորուելու Տանըլտ Թրամփի դէմ

Միացեալ Նահանգներու նախկին փոխնախագահ եւ նախագահի թեկնածու Քամալա Հարիսը յայտարարած է, որ ամերիկացիները պէտք է միաւորուին՝ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Տանըլտ Թրամփին դիմակայելու համար։ Այս մասին հաղորդած է Reuters-ը։

«Ճգնաժամի առջեւ դասն այն է, որ մի՛ փախիք», -ըսած է Հարիսը։

Պաշտօնը թողելէ ետք իր ամենամեծ ելոյթին մէջ Հարիսը ամերիկացիներուն կոչ ըրած է միաւորուելու եւ ազատօրէն արտայայտելու իրենց դիրքորոշումը։ Ան Թրամփի վարչակազմի տնտեսական քաղաքականութիւնը անուանած է «ժամանակակից նախագահական պատմութեան մէջ ամենամեծ մարդածին տնտեսական ճգնաժամը»։

Աւելի վաղ՝ ապրիլ 30-ին հաղորդուած էր, որ Թրամփ Քամալա Հարիսի ամուսինը՝ Տուկլաս Էմհոֆը, ազատած է Ուաշինկթընի մէջ գտնուող Հոլոքոսթի յուշահամալիրի թանգարանի խորհուրդի անդամի պաշտօնէն։