image

«Քաղաքական հոսանք մը կայ, որ այսօր մասնակից չէ». Միքաթի սլաքներ նետեց

«Քաղաքական հոսանք մը կայ, որ այսօր մասնակից չէ». Միքաթի  սլաքներ  նետեց

Վարչապետ Նեժիպ Միքաթին Ներքին գործոց նախարարութեան ընտրական աշխատանքային սենեակ կատարած այցի ժամանակ փափաք յայտնած է «ընտրութիւններուն չմօտենալ յարանուանական տեսանկիւնէն, քանի որ սիւննիներոուն կողմէ չմասնակցելու կոչեր չեն եղած»:

 

Միքաթին մատնանշեց, որ «կայ չափաւորական քաղաքական հոսանք, որ նահանջած է, մինչդեռ սիւննիները այսօր կը մասնակցին թէ՛ որպէս թեկնածու եւ թէ, որպէս քուէարկող, եւ մենք կը յարգենք «Մուսթաքպալ» հոսանքին կարծիքը:

 

Միքաթի պարզաբանած է, որ «100 հազար ուժայիններ այսօր կը մասնակցին ընտրութիւններու կազմակերպելու եւ իրագործելու համար: Այսօր երեկոյեան մենք պիտի շնորհաւորենք լիբանանցիները»: Միթաքը նեց նաեւ, որ դժուարութիւնները այսօր աւելի մեծ են, քան երբեւէ, տնտեսական պայմաններուն պատճառով»: