image

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան. Իտալիոյ մեծ նեցուկը պայթումէն վնասուած բնակարաններուն

Պուրճ Համուտի քաղաքապետարան. Իտալիոյ մեծ  նեցուկը  պայթումէն  վնասուած  բնակարաններուն

  Պէյրութի մեր պաշտօնակից  «Ազդակ»էն կը կարդանք, թէ Պէյրութի նաւահանգիստի 4 Օգոստոս 2020-ի պայթումին հետեւանքներն ու զանոնք յաղթահարելու ճիգերը տակաւին առանցքային ուշադրութեան եւ հոգածութեան օրակարգ կը կազմեն պատկան մարմիններուն մօտ: Այս ծիրին մէջ, Պուրճ Համուտի քաղաքապետ՝ Մարտիկ Պօղոսեան չորեքշաբթի, 22 Յունիս 2022-ի առաւօտուն  քաղաքապետարանին մէջ ընդունեց Իտալական գործակցութեան եւ բարգաւաճման գործակալութեան պատուիրակութիւնը, որուն մաս կը կազմէին նշեալ գործակալութեան պատասխանատուներէն Քորատօ Տէ Տիօ, Թոնելլա Արտիթթօ, Սիմոն Ապու Ժաուտէ, եւ Չիրօ Տա Քոնզօ: Հանդիպումին ներկայ էին նաեւ Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան  պատասխանատուներ:

Այս առիթով օժանդակութեան ծրագիրի տնօրէն՝ Տա Քոնզօ պարզեց ծրագիրին մանրամասնութիւնները, ըստ որուն նշեալ գործակալութիւնը օժանդակած է Պուրճ Համուտի մէջ Պէյրութի նաւահանգիստի պայթումէն վնասուած 143 բնակարաններու վերանորոգման, ինչպէս նաեւ օժանդակած է 150 ընտանիքներու եւ յատուկ սարքեր ու կազմածներ տրամադրած փոքր վաճառատուններու` շրջանին մէջ առեւտուրի վերաշխուժացման ծիրին մէջ:

Այս առիթով քաղաքապետ Պօղոսեան բարձր գնահատեց իրագործուած աշխատանքը` միեւնոյն ժամանակ նշելով շրջանի բնակչութեան գոհունակութիւնը այս նախաձեռնութեան գծով: Մարտիկ Պօղոսեան նաեւ վերահաստատեց Պուրճ Համուտի քաղաքապետութեան ուղեգիծը` նուիրատու զօրակից ընկերութեանց եւ քաղաքացիական ընկերութեան աշխատանքներու դիւրացման ու անոնց հեզասահ ընթացքին գծով, ուր վերանորոգման դիմումներու ոչ մէկ նախապայման կայ, բացի օրինական պահանջներէ: Քաղաքապետ՝ Պօղոսեան մաղթեց, որ այս աշխատանքին ամբողջացումը առիթ ըլլայ նմանօրինակ նոր ծրագիրներու գործադրութեան: Այս ծիրին մէջ ան թուեց շրջանի բնակիչներուն անմիջական, հրատապ կարիքները:

Իրենց կարգին, իտալական նշեալ գործակալութեան ներկայացուցիչները շեշտեցին նուիրատու  պատկան կողմերու ցուցաբերած գնահատանքը հարցերու մօտեցման այս հոգատար տրամադրութեան գծով` միաժամանակ վերահաստատելով իրենց զօրակցութիւնը վնասուած շրջաններուն եւ առհասարակ Լիբանանին:

Ապա պատուիրակութիւնը այցելեց վերանորոգման նպաստէն օգտուած բնակարաններու եւ հաստատութիւններու տէրերուն եւ մօտէն ծանօթացաւ անոնց կարծիքներուն` տարուող աշխատանքի ոճին եւ ուղեգիծին գծով: