image

Պոլիս. Հայր Վարդան Թ. Ծ. Վարդապետի նուիրական առաքելութիւնը

Պոլիս. Հայր Վարդան Թ. Ծ. Վարդապետի նուիրական առաքելութիւնը

Լրագրող Սագօ Արեանի էջ-էն կը կարդանք՝

Քրիստոնէական իմ ընկալումներուս ամէնէն առաջնայինը նուիրումն է ու ապահով եմ, որ Հայր Վարդանը, որպէս շարունակողը դարաւոր այդ աւանդին, դարաւոր այդ հողին վրայ կը շարունակէ ու դեռ ալ պիտի շարունակէ  հաւատքը տարածելու իր  նուիրական գործը, նոր սիրտեր գրաւելով ու նորահաս սերունդին ոգի եւ ջերմութիւն հաղորդելով...։

 Հայր Վարդանի հետ ծանօթութիւնս ունի երկար տարիներու պատմութիւն։   Հայ Կաթողիկէ Զմմառու Միաբանութեան անդամ երիտասարդ Վարդապետը, ոչ միայն հովուական գործունէութիւն կը ծաւալէր, այլ նաեւ  գլխաւոր հիմնադիրն էր «Հայ Կաթողիկէ Նարեկացի» կեդրոնին։

 Հաւատք, ծէս եւ մշակոյթ... Այս երեք ուղղութիւններով գործեց  Վարդան Վարդապետը եւ դարձաւ սիրելի վարդապետ մը լիբանանահայութեան համար։

 Տինամիք, աշխատասէր եւ իր ընկալումներուն մէջ  անզիջող ու նաեւ  Արեւելք- Արեւմուտք կամրջումին հաւատացող Հայր Վարդանը  տարբեր հանգամանքներու  բերումով կը յայտնուէր՝ Պոլիս եւ կը  դառնար գործող միաբան մը  Թուրքիոյ  մէջ երկար ճանապարհ անցած Հայ Կաթողիկէ եկեղեցւոյ մէջ։

   Թուրքիան չէր ճանչցած, չէր գիտէր, թէ ինչ կը նշանակէ այսօրուան Իսթանպուլի մէջ  հոգեւոր ծառայութիւն մատուցելը ան շատ արագօրէն մերուեցաւ,  լեզու սորվեցաւ, եւ դանդաղ ու հաստատուն քայլերով առաջացաւ իր նուիրական գործին մէջ։

 Ու դարձեալ ժամանակի բերումով ու նաեւ Կաթողիկէ Ընդհանրական Եկեղեցւոյ բարձր ղեկավարութեան ու նաեւ Հայ Կաթողիկէ Հոգըւոր Տիրոջ Ամեն. Տ. Ռաֆայէլ Մինասեան Կաթողիկոս-Պատրիարքի անմիջական օրհնութեամբ եւ նեցուկով Վարդապետը ստացաւ Ծայրագոյն աստիճանի կոչում, ունեցաւ եպիսկոպոսական Խոյր եւ Ասա ու  ծառայութեան նոր փուլի մը անցաւ, որ Թուրքիոյ Հայոց Հայ Կաթողիկէ Վիճակաւոր, որ պատկառելի պաշտօն մըն է  այդ երկրին մէջ։

 Ութսուն եւ աւելի միլիոն բնակչութիւն ունեցող Թուրքիոյ մէջ Հայ Կաթողիկէ  Համայնքը  ունի յարգուած դիրք , առաքելութիւն եւ կը վայելէ օրուայ մարմիններու ուշադրութիւնն ու յարգանքը։ 

 Այս բոլորը մէկ կողմ, բայց ըսել ուզածս այն է, որ Վարդան Վարդապետը  իր ծառայութեան տարբեր փուլերուն հաւատաց ու դեռ ալ կը մաքառի  յանուն Քրիստոնէական իրական սիրոյ։

 Ջերմ նուիրումի, որ հաւատքէն կը բխի եւ կը տարածուի բոլոր անոնց մէջ, որոնք կը հաւատան Քրիստոսի կարողութեան, աստուածութեան եւ վեհութեան։

 Քրիստոնէական իմ ընկալումներուս ամէնէն առաջնայինը նուիրումն է ու ապահով եմ, որ Հայր Վարդանը, որպէս շարունակողը դարաւոր այդ աւանդին, դարաւոր այդ հողին վրայ կը շարունակէ ու դեռ ալ պիտի շարունակէ  հաւատքը տարածելու իր  նուիրական գործը, նոր սիրտեր գրաւելով ու նորահաս սերունդին ոգի եւ ջերմութիւն հաղորդելով...։

 Լուսանկարը՝ Օրեր առաջ Պոլսոյ Մեծ Կղզիին մէջ եղած հաւաքէ մը, որ նորութիւն կը համարուի  Հայ Կաթողիկէ համայնքին համար  եւ նորահաս սերունդը ի մի բերելու այդ նուիրաական ճիգին մէջ մեծ դեր ունի Երիտասարդ Վարդապետը՝ Հայր Վարդան Թ. Ծ. Վարդապետ Գազանճեանը։

Վարձք ի կատար՝ սիրելի Վարդապետ։