Օրերս Պրազիլիոյ Ս. Գէորգ մայր տաճարին մէջ տեղի ունեցած է դպրաց ձեռնադրութիւն ձեռամբ՝ Պրազիլիոյ Հայոց Թեմի առաջնորդ Գերշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեանի: Այս մասին «Արեւելք» տեղեկացաւ թեմի դիմատետրեան էջէն, ուր մասնաւորապէս գրուած է:
«Այսօր, Պրազիլիոյ Հայոց Թեմի Սուրբ Գէորգ մայր տաճարին մէջ՝ ձեռամբ թեմակալ առաջնորդ Գրշ. Տ. Նարեկ եպս. Պէրպէրեանի կատարուեցաւ դպրաց ձեռնադրութիւն:
Ձեռնադրութեան խորհուրդին արժանացան սուրբ Գէորգ մայր եկեղեցւոյ խորանին իրենց սպասաւորութիւնը բերող երեք երիտասարդներ՝ Վահրամ Գասպարեան, Ֆելիփէ Մաւուշեան, Դրօ Գալայճեան:
Յաւարտ ձեռնադրութեան, սրբազան հայրը շնորհաւորեց դպիրները՝ պատգամելով, որ նոր շունչով եւ նոր աշխութեամբ շարունակեն իրենց հոգեւոր ծառայութիւնը եկեղեցւոյն եւ անոր ժողովուրդին:
Աստուած ամուր պահէ ձեզ, սիրելի՛ դպիրներ, բարի օրինակ ըլլաք մեր համայնքի միւս երիտասարդներուն համար, Տիրոջ Սուրբ Աջը պահապան ըլլայ ձեզի եւ ձեր կոչման,- ըսաւ սրբազանը իր խօսքին մէջ:»