Մեծ Բրիտանիոյ թագաւոր Չարլզ Երրորդ յարգանքի տուրք մատուցած է հանգուցեալ մօր՝ թագուհի Եղիսաբէթ Երկրորդին, որ մահացած է 8 սեպտեմբերին 96 տարեկանին։ Ժողովուրդին ուղղուած իր առաջին հեռուստաուղերձին մէջ 73-ամեայ միապետը խոստովանած է, որ մայրն իր համար միշտ եղած է ոգեշնչող եւ ազգին ծառայելու օրինակ:
«Իր ողջ կեանքի ընթացքին Նորին Մեծութիւն Թագուհին, իմ սիրելի մայրը, ոգեշնչանք եղած է եւ օրինակ ծառայած է ինծի եւ իմ ամբողջ ընտանիքի համար: Մենք մեծ պարտք ունինք անոր, ինչպէս ցանկացած ընտանիք կրնայ ունենալ մօրը՝ այն սիրոյ եւ ջերմութեան համար, որ ան տուած է: Ան զոհաբերութիւններ ըրած է յանուն պարտքի», - եսած է Չարլզ Երրորդը:
Միապետը նշած է, որ «թագուհիի նուիրուածութիւնը որպէս միապետ երբեք չէ տատանած ո՛չ փոփոխութիւններու եւ առաջընթացի, ո՛չ ուրախութեան եւ տօնակատարութեան, ո՛չ տխրութեան ու կորուստներու ժամանակ»։
Չարլզ Երրորդը խոստացած է ծառայել բրիտանացիներուն հաւատարմութեամբ, յարգանքով, սիրով եւ պահպանել երկրի սահմանադրական սկզբունքները:
«Ուր ալ որ ապրիք Միացեալ Թագաւորութեան, կամ աշխարհի տիրոյթներուն եւ տարածքներուն, անկախ ձեր ծագումէն եւ դաւանանքէն, ես պիտի ձգտիմ ծառայել ձեզի հաւատարմութեամբ, յարգանքով եւ սիրով, ինչպէս ըրած եմ իմ ողջ կեանքի ընթացքին», - ըսած է միապետը:
«Ինչպէս ինքը՝ թագուհին ըրած է անմնացորդ նուիրուածութեամբ, ես նոյնպէս հանդիսաւոր կերպով կը խոստանամ Աստուծոյ կողմէ ինծի յատկացուած ժամանակի ընթացքին պահպանել սահմանադրական սկզբունքները, որոնք ինկած են մեր ազգի հիմքին», - ըսած է 73-ամեայ միապետը: Ան նաեւ վստահեցուցած է, որ «միապետութեան դերն ու պարտականութիւնները կը մնան» անսասան։
Թագաւորն աւագ որդիին՝ Ուիլիյամին, տուած է Ուելսի արքայազնի տիտղոս։
Միապետը նաեւ ըսած է, որ կը սիրէ արքայազն Հարին եւ անոր կինը՝ Մեկան Մարքլը, որոնք տեղափոխուած են ԱՄՆ։