image
Հրատապ լուրեր:

Փութինի ներկայութեամբ Ռուսիան եւ Վիեթնամը շարք մը փաստաթղթեր ստորագրած են

Փութինի ներկայութեամբ  Ռուսիան եւ Վիեթնամը շարք մը փաստաթղթեր ստորագրած են

Ռուսիան եւ Վիեթնամը տարբեր ոլորտներու մէջ համագործակցելու մասին շարք մը փաստաթուղթեր ստորագրած են։

Ինչպէս հաղորդած են ռուսական լրատուամիջոցները, ատոնց շարքին են կրթութեան ոլորտի մէջ փոխգործակցութեան մասին փաստաթուղթերը, Վիեթնամի մէջ միջուկային արհեստագիտութիւններու կեդրոնի ստեղծման ժամանակացոյցի մասին յուշագիրը:

Կողմերը պայմանաւորուած են աշխուժացնել Վիեթնամի եւ ԵԱՏՄ-ի միջեւ ազատ առեւտուրի գօտիի մասին համաձայնագրի առաւելագոյն ներուժը:

Յիշեցնենք` Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինը երկօրեայ պետական այցով մեկնած է Վիեթնամ։ Ան յունիս 19-ին Հանոյ ժամանած է Փհենիանէն` Հիւս. Քորէա կատարած այցի աւարտէն ետք:

Ռուսիոյ նախագահը յունիս 20-ին բանակցութիւններ վարած է վիեթնամցի գործընկերոջ` Թո Լամի հետ։