Ռուսիոյ նախագահ Վլատիմիր Փութինի եւ ԱՄՆ յատուկ բանագնաց Սթիւ Ուիթքոֆի միջեւ բանակցութիւնները, որոնք ուղղուած էին ուքրանական հակամարտութեան կարգաւորման, աւարտած են ուրբաթ ուշ երեկոյեան, այն տեւած է աւելի քան 4 ժամ։
Քրեմլն իր կայքին մէջ հրապարակած է լուսանկար՝ նշելով, որ հանդիպումը կայացած է:
«Հանդիպման թեման ուքրանական կարգաւորման որոշ հարցերն են»,-ըսուած է հաղորդագրութեան մէջ:
Հանդիպումն այս տարի արդէն երրորդ անգամ տեղի ունեցած է։