image
Հրատապ լուրեր:

«Փորձութիւններէն պիտի անցնինք» Վարդանեան հանդիպում ունեցաւ Ասկերանի ազգաբնակչութեան հետ

«Փորձութիւններէն պիտի անցնինք» Վարդանեան հանդիպում ունեցաւ Ասկերանի ազգաբնակչութեան հետ

Արցախի Հանրապետութեան պետական նախարար, Օպերատիւ (արագ արձագանգման) շտաբի պետ Ռուբէն Վարդանեան այցելած է Ասկերանի շրջանի Նորագիւղ, Խնձրիստան, Պատարա համայնքներ, հանդիպումներ ունեցած է նշուած գիւղերու եւ յարակից բնակավայրերու բնակիչներու հետ: Պետական նախարարին ուղեկցած են Արցախի Հանրապետութեան տարածքային կառավարման եւ ենթակառուցուածքներու նախարար Սուրէն Գալստեանը, Ազգային ժողովի «Հայ Յեղափոխական Դաշնակցութիւն» խմբակցութեան պատգամաւոր Դաւիթ Իշխանեանն ու Ասկերանի շրջանի վարչակազմի ղեկավար Համլետ Ապրէսեանը:

Կարեւորելով բնակչութեան հետ անմիջական շփումները՝ Ռուբէն Վարդանեան նշած է, որ յատկապէս այս ճգնաժամային իրավիճակին մէջ բնակչութեան առաջին ձեռքէն տեղեկութիւններ տրամադրելը, անոնց լսելը առաջնային նշանակութիւն ունի ճգնաժամը համատեղ յաղթահարելու տեսանկիւնէ. «Կարծում եմ, սա Արցախում շփման ամենաարդիւնաւէտ ձեւն է: Մենք իսկապէս մեծ դժուարութիւնների ենք բախւում, բայց մեծ աշխատանք է տարւում նաեւ դրանք յաղթահարելու համար, փորձում ենք առաջ շարժուել՝ լուծումներ գտնելով ամէն օր առաջացող նոր խնդիրներին»:

Ան մանրամասն տեղեկութիւններ ներկայացուցած է պարէնային ապրանքներու, պենզինի եւ տիզվառելիքի, ելեկտրականութեան եւ կազամատակարարման ոլորտներու մէջ ընթացիկ իրավիճակի, շրջափակման միւս հետեւանքներու եւ տնտեսութեան վրայ ատոր ազդեցութեան, ինչպէս նաեւ Օպերատիւ շտաբի կողմէ իրականացուած եւ ձեռնարկուելիք քայլերու մասին:

Պետական նախարարը նշած է, որ բոլոր միջոցներով աշխատանք կը տարուի ապաշրջափակման ուղղութեամբ, բայց, միւս կողմէ, կառավարութիւնը պարտաւոր է պատրաստ ըլլալ եւ հնարաւոր բոլոր սենարներու պարագային ապահովել բնակչութեան առնուազն նուազագոյն կենսական կարիքները:

Խօսելով շրջափակման պատճառներու մասին՝ ան ընդգծած է, որ Ատրպէյճան ամէն կերպ կը փորձէ կոտրել արցախահայութեան ոգին ու  ճնշումներու միջոցով հասնիլ Արցախի հայաթափման եւ նշած է, որ իրեն հպարտ կը զգայ՝ տեսնելով արցախահայութեան տոկունութիւնը. «Այս փորձութիւնների միջով ստիպուած ենք  անցնել՝ յանուն Արցախը հայկական պահելու եւ յանուն մեր հողի վրայ արժանապատիւ ապրելու իրաւունքի պաշտպանութեան: Սա դժուար ճանապարհ է. չեմ կարող խոստանալ, որ խնդիրներ չեն լինելու, բայց վստահեցնում եմ, որ սա միակ ճանապարհն է, որը թոյլ կը տայ պահպանել մեր հայրենիքը»:

Բոլոր երեք համայնքներուն մէջ հանդիպումներու մասնակիցները վստահեցուցած են, որ այդ ճանապարհին այլընտրանք չեն տեսներ, եւ այդ նպատակի համար պատրաստ են դիմակայելու բոլոր դժուարութիւններուն: Այս ծիրէն ներս, մասնաւորապէս, խօսուած է գիւղատնտեսական եւ գարնանացանի աշխատանքները ժամանակին կազմակերպելու անհրաժեշտութեան մասին, որ կարեւորուած է նաեւ պարէնային անվտանգութեան տեսանկիւնէ: Պետական նախարարը նշած է,որ հնարաւոր ամէն ինչ պիտի գործադրուի ինչպէս գարնանացանի աշխատանքները ժամանակին կազմակերպելու, այնպէս ալ գիւղատնտեսութեան զարգացման ուղղուած այլ ծրագրեր իրականացնելու համար: