image

Փերինչէք դէպի Սուրիա՞

Փերինչէք  դէպի Սուրիա՞

Թրքական «Զաման» օրաթերթը, յղում կատարելով թուրք լրագրող Պարըշ Եարքտաշին` հաղորդած է, որ ձախակողմեան «Վաթան» կուսակցութեան ղեկավար, Թուրքիոյ նախագահ Ռեճէպ Թայէպ Էրտողանի դաշնակից Տողու Փերինչեք յառաջիկայ 10 օրերուն ընթացքին Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութենէն նոր հրաժարած եւ «Վաթան»ին միացած գործարար Էթհեմ Սանճաքի հետ պիտի այցելէ Սուրիա, ուր հանդիպում պիտի ունենայ Սուրիոյ նախագահ Պաշշար Ասատի եւ վարչապետին հետ: