image

Փայլուն լուրեր Այնճարէն. Հայ սպաներու գնդապետի կոչում

 Փայլուն լուրեր Այնճարէն. Հայ սպաներու գնդապետի կոչում

 Այնճարի ծնունդ  3 սպաներ Գնդապետի կոչում ստացած են։

 

 Այս մասին «Արեւելք» տեղեկութիւն ստացաւ Այնճարի իր աղբիւրէն։

 

 Նշենք, որ իւրաքանչիւր տարեմուտին Լիբանանեան Բանակի բարձրագոյն հրամանատարութեան որոշումով սպաներուն  աստիճանի բարձացում կը տրուի եւ այդ մէկը կապ ունի բնականաբար անոնց ցոյց տուած արիութեան եւ բարի վարուց կարգավիճակին հետ։ 

 Ի դէպ այս մասին արտայայտուած է «Մուսա լեռ- Այնճառ» դիմատետրի էջը, որ մասնաւորապէս գրած է ՝

 

ՀՅԴ «Կարմիր Լեռ» կոմիտէն , բոլոր հայրենակիցներուն անունով ,մեծ հպարտութեամբ,

կը շնորհաւորէ կապիդանի աստիճանատուչութիւնը ,Լիբանանեան բանակի երիտասարդ սպաներէն՝ 

-Մովսէս Սարգիս Նաշալեանի

-Կարէն Սարգիս Գէօհիւլեանի 

-Խաչիկ Սամուէլ Գալինճեանի

մաղթելով իրենց նորանոր նուաճումներ։

 

 Յաջողութիւն կը մաղթենք նորընծայ գնդապետներուն անոնց մաղթելով փայլուն առաքելութիւն եւ Լիբանանեան երկինքին ալ խաղաղ եւ բարգաւաճ ժամանակներ։