Վարչապետ Նիկոլ Փաշինեան այս պահին Կիւմրիի մէջ է:
«Համաձայն չեմ» շարժումը բողոքի շարժում կ'իրականացնէ Կիւմրիի մէջ: Անոնք զգուշացնող ժապաւէնով, որուն վրայ գրուած է «Համաձայն չեմ» կանգնած են փողոցին վրայ եւ լուռ շարժում կ'իրականացնեն` իրենց դժգոհութիւնը յայտնելով Փաշինեանի վարած քաղաքականութեան:
«Համաձայն չեմ երկրում տիրող իրավիճակին, համաձայն չեմ, որ չենք կարող մեզ դրսեւորել որպէս արժանապատիւ քաղաքացի եւ այս լռութեանը համաձայն չենք», ըսաւ շարժումին մասնակիցներէն մէկը:
Նշենք, որ շարժումը կը հսկեն մեծ թիւով ոստիկաններ:
«Համաձայն չեմ» շարժման համկարգող Կարապետ Պօղոսեանը ֆէյսպուքեան ուղիղ եթերով յայտարարեց, որ սա շարժման առաջին արարքն է, հետագային աւելի յստակ գործողութիւններու պիտի դիմեն: